2016-11-29 09:54:00

Երանելի Շարլ Տէ Ֆուքոյի մահուան հարիւր ամեակը` (1916-2016)։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ հինգշաբթի, դեկտեմբեր մէկին կը նշուի ''Փոքրիկ քոյրեր'' միաբանութեան հիմնադիր` Ֆրանսացի կրօնաւոր, Երանելի Շարլ Տէ Ֆուքոյի մահուան հարիւր ամեակը։

Շարլ Տէ Ֆուքօ եղած է Սահարայի անապատի հետախոյզ ու Թուարէկ ցեղի լեզուի եւ մշակոյթի մեծ ուսումնասէր։

Ան ծնած է Սդրազպուրկի մէջ 15 սեպտեմբեր 1858-ին եւ մահկանացուն կնքած է Ալճերիոյ մէջ 1 դեկտեմբեր 1916-ին։

Երիտասարդութիւնը անցուցած է իր անձնական քմահաճոյքի փնտռտուքով, ապա ընտրած է զինուորական ասպարէզը սակայն քիչ ժամանակ ետք  ''անկարգապահութեան'' բերումով վտարուած է։ Առ այդ իր կեանքը նուիրած է ճամբորդութեան ու յատկապէս Մարոքի սահարայի ուսումնասիրութեան։

Վերադառնալով իր հայրենիքը դարձի կու գայ ու կ՛ողջագուրէ քրիստոնէական հաւատքը, ապա մուտք կը գործէ նախ Թրափիստներու միաբանութեան վանք, հուսկ կը մեկնի Սուրբ Երկիր այնտեղ` Յիսուսի նման ապրելու համար  աղքատութեան մէջ։

Քահանայ ձեռնադրուելէ ետք կը վերադառնայ Ափրիկէ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Սահարայի մէկ ովասիսի մէջ ուր կը շրջէր սպիտակ բաճկոնով մը­, որուն վրայ կարուած էր կտաւէ խաչ մը շրջապատուած կարմիր սրտով։  

Քրիստոնեաներուն, հրեաներուն ու մահմետականներուն որոնք իր բնակած Ովասիսէն կ՛անցնէին, ան կը ներկայանար որպէս ''տիեզերական եղբայր'' ու զանոնք սիրով կ՛ընդունէր ու կը հիւրընկալէր իր բնակարանին մէջ։ 

Շարլ Տէ Ֆուքօ ապա կ՛անցնի Թամանրասսէթի մէջ գտնուող Թուարէկ թափառական ցեղի գիւղը, ու կ՛ապրի 13 տարիներ ամբողջ, օրուան մեծ մասը նուիրելով աղօթքի եւ Թուարէկ լեզուի ու մշակոյթի ուսումնասիրութեան։

1916-ի դեկտեմբեր մէկին Շարլ Տէ Ֆուքոյի բնակարանը թիրախ կը դառնայ աւազակներու խումբի մը, ու նոյն օր անոր դիակը կը յայտնաբերուի Սուրբ Հաղորդութեան տապանակին մօտ։ 13 նոյեմբեր 2005-ին Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի օրով` Շարլ Տէ Ֆուքօ երանելի կը հռչակուի Սուրբ Պետրոսի մէջ։

Յայտնենք թէ անոր հիմնած ''փոքրիկ քոյրեր'' միաբանութեան անդամները տարիներ ամբողջ ծառայած են Լիբանանի հայաբնակ ''Քէմփ'' թաղամասին մէջ ու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք առաքելութիւն մը հաստատած են նաեւ Հայաստանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.